2009-07-26 13:44:48

Լուրեր հայ աշխարհէն`Արմենփրես 90 տարի Հայաստանի հետ խորագիրով ցուցահանդ


Լուրեր հայ աշխարհէն`Արմենփրես 90 տարի Հայաստանի հետ խորագիրով ցուցահանդ
Աշտարակի մշակոյթի տան մէջ բացումը կատարուած է Արմենփրես 90 տարի Հայաստանի հետ խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած է Արմենփրեսի կողմէ՝ իր 90-ամեակին առիթով։
Ցուցադրութեան դրուած են գործակալութեան արխիւէն ընտրուած 100 լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն մինչեւ մեր օրերու պատմութիւնը, ականաւոր գործիչները, մտաւորականները, մշակութային, գիտական եւ մարզական աշխարհներուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցած դէմքերը։
Ըստ Արմենփրեսի գործադիր տնօրէն Հրայր Զօրեանի, գործակալութեան լուսանկարներու արխիւին մէջ կան շուրջ 100 հազար նկարներ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի բոլոր անցուդարձերը։ Մենք որոշեցինք ընտրել այնպիսի լուսանկարներ, որոնք կը հետաքրքրեն հանրութիւնը եւ կը ստեղծեն Հայաստանի վերջին տասնամեակներու կեանքին ողջ պատկերը։ Ըստ անոր, նկարներէն ոմանք ցուցադրուած են Փարիզի, Լոնտոնի եւ Մոսկուայի մէջ։ Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը առաջին անգամ կայացաւ Երեւանի մէջ, ապա Հրազդանի, իսկ ներկայիս Արմաւիրի։

Խաչատուր Աբովեանի ճակատագրին վերաբերող հետազօտութիւններ

Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Յովհաննէս Զատիկեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Այս տարի կը նշուի մեծ գրագէտ Խաչատուր Աբովեանի 200-ամեակը, սակայն դժբախտաբար հայերը չեն ճանչնար զայն։ Ըստ անոր, գրագէտին, աշխարհագրագէտին, մանկավարժին եւ հասարակական գործիչին յոբելեանին առիթով Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը կազմած եւ հրատարակութեան պատրաստած է 3 գիտական հետազօտութիւններ, որոնք կ'ապացուցեն, թէ Աբովեան ծնած է 1805-ին, Քանաքեռ եւ մահացած է անյայտ պատճառներով՝ 1848-ին աքսորի մէջ, ուր արտաքսուած էր ցարական իշխանութիւններուն կողմէ։ Հետազօտութիւնները նաեւ լոյս կը սփռեն Աբովեանի վերաբերող այլ կասկածելի տեղեկութիւններու վրայ։
Յ Զատիկեան յայտնած է նաեւ, որ այլեւս՝ ընդհանուր եւ բարձրագոյն կրթութեան ծրագիրին մէջ անհրաժեշտ է փոփոխութիւններ կատարել մեծ գրագէտին վերաբերող բաժիններուն մէջ, որովհետեւ մերօրեայ դասագիրքերուն մէջ դժբախտաբար տակաւին սերունդներուն կը դասաւանդուին խորհրդային իշխանութեան օրերուն պարտադրուած ո՛չ ճշգրիտ տեղեկութիւնները։

Էջմիածին - Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ընդունած է Հայոց լեզուի եւ գրականութեան համահայկական ողիմպիականի եւ հայագիտական գիտելիքներու մրցումի մասնակիցները։
Սոյն հանդիպման, բացման խօսքով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի պատասխանատուներէն Վարդան աբղ Նաւասարդեան։ Ան անդրադարձած է ողիմպիականին եւ հայագիտական գիտելիքներու մրցումին՝ նշելով, որ նման մրցումներու նպատակը ո՛չ միայն Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի հայորդիներու հայագիտական գիտելիքները ստուգելն է, այլ նաեւ զանոնք կապել իրենց հայրենիքին եւ ազգային սրբութիւններուն։
Այնուհետեւ, ներկաներուն իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցած է հայոց հայրապետը։ Ամենայն հայոցը անգամ մը եւս շեշտը դրած է մայրենի լեզուի եւ գրականութեան իմացութեան անհրաժեշտութեան վրայ, նաեւ հաղորդած է ներկաներուն, որ պէտք է սիրեն իրենց հայրենիքն ու հայոց եկեղեցին եւ նախանձախնդիր դառնան իրենց ազգային արժէքներու պահպանման։







All the contents on this site are copyrighted ©.